Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարան
Ուր, 2 Հնս 2017

Բերկրալի առիթ մըն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչներու՝ Օրդ. Մարինէ Յարութիւնեանի ( ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հայրենադարձութեան եւ  հետազօտութիւններու վարչութեան աշխատակից) եւ Ժենիա Կիւլպէնկեանի ( ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի վարչութեան աշխատակից) այցելութիւնը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարան։ Անոնք համեստօրէն հիւրընկալուեցան վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ Տնօրէնութեան կողմէ։ Անոնք լայնօրէն ծանօթացան վարժարանի կառոյցին եւ աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ արծարծեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան տարիներէ ի վեր իրագործուող "Արի Տուն" ծրագրի դրական ազդակներու մասին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանահայ վարժարաններու կողմէ դիմագրաուած մարտահրաւէրներուն, անոնց առաջքը առնելու համար արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու հրամայականով։ Հիւրերը խանդավառուեցան վարժարանիս յաջողութիւններով,  ընկերական ու ջերմ պահեր ապրելով աշակերտութեան հետ։ Վերջաւորութեան, վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետն ու Տնօրէնուհին, ազնուափայլ հիւրերուն յանձնեցին՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ուղղուած գեղեցիկ յուշանուէրը։


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي