Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի աշակերտները՝ հիւրընկալ հայրենիքի գիրկը
Չրք, 30 Օգս 2017
Ինչ հրաշալի զգացում է, երբ առաջին անգամ ըլլալով վարժարանիս 7 աշակերտներ՝ Սէրլի Պետիկեան, Փիթըր Մուրատեան, Պերնար Քաթիպեան, Մարիանա Տէօլտուրեան, Յովիկ Չաւուշեան, Դալար Գէորգեան եւ Սառա Յակոբեան իրենց առաջնորդ Օրդ. Սեդա Պագգալեանին հետ ոտք կը դնեն մայր հայրենիքի օրհնաբեր հողին վրայ, մասնակցելու համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագիրին, որ 8-րդ տարին ըլլալով անվերապահօրէն եւ մեծ ջանքերով կիրականացնէ հայրենաճանաչութեան ծրագիրը:
 
«Արի Տուն» երիտասարդութեան հայրենաճանաչութեան ծրագիրը յագեցած էր բազմաբովանդակալից միջոցառումներով, այցելութիւններով ու ճամբարային կեանքով 14 երկարող օրերու վրայ` Յուլիս 30էն մինչեւ Օգոստոսի 12ը: Վարժարանիս մասնակից աշակերտները հիւրընկալուելով Քանաքեռաւանի տեղաբնակ հայրենի ընտանիքներու կողմէ, ծանօթացան անոնց նիստ ու կացին, աւանդութիւններուն, որոնք որոշ չափով նման էին սփիւռքահայու ապրելակերպին եւ աւանդութեանց:

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي