Ուրբաթ 13 Հոկտեմբեր 2017ին Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտութիւնը նշեց Թարգմանչաց տօնը։ Փոքրիկները դիտեցին այս Սուրբ տօնը խորհրդանշող մանկական տեսաերիզներ։ Հայերէն ոսկեզօծ տառերը գունաւորելով պատրաստեցին ձեռայիններ եւ պատմութեան ընդմէջէն ծանօթացան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայոց Գիրերու Գիւտի մասին: