Երեքշաբթի 17 Հոկտեմբերին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնի նշումը, ուր գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։ Օրուան բանախօսն էր բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր եւ ՀԲԸՄ պաշտօնաթերթ «խօսնակ»ի խմբագիր՝ Տիար Համբիկ Մարտիրոսեան։