Շարադրութեան մրցանք նուիրուած վարժարանիս 11 տարուան հայագիտական նիւթերու ուսուցչուհի Տիկ. Լենա Կէօքճեան֊Փոշօղլեանի յիշատակին։
Երկ, 15 Հնվ 2018
Ինչպէս որ քաղցր են ծնողները, այնպէս ալ քաղցր է Հայրենիքը: 
Հայրենիքը սուրբ վայր է ազգի մը համար, յատկապէս Հայերուս։ Այն խորհրդաւոր սրբութիւնն է, որուն պէտք է անվերապահօրէն կառչած մնալ. փայփայել եւ անվերջ սիրել մասունքի մը նման:
Ամէն տարի սովորութիւն դարձած է վարժարանիս մէջ կազմակերպել շարադրական մրցանք: Այսօր, վարժարանիս մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ շարադրական մրցանք։ Մրցանքին կազմակերպիչն է վարժարանիս Սանուց Միութեան ատենապետուհի՝ Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեան, ի յիշատակ իր ուսուցչուհիին՝  վարժարանիս 11 տարուան հայագիտական նիւթերու կարկառուն ուսուցչուհի վաղամեռիկ՝ Տիկ. Լենա Կէօքճեան-Փոշօղլեանի: 
Նախանձելի նախաձեռնութիւն աշակերտ-ուսուցչուհիի վաստակին ի յարգանք, որ վարակիչ պէտք է դառնայ գալիք սերունդներուն:

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي