Փետրուար ամսուան ընթացքին մեր մանկապարտէզի փոքրիկները ծանօթացան տարբեր տեսակի արհեստներու։
Anitex հաստատութիւնը սիրով ընդունեց մեր փոքրիկները իր աշխատանոցէն ներս եւ անոր տէր ու տնօրէն՝ Պրն. Յակոբ Ճըղըլեանի առաջնորդութեամբ անոնք դիտեցին կարի հանգրուանները։