Ուսուցչաց Տօնը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս
Հնգ, 8 Մրտ 2018
Ուսուցիչները մեծ եռանդ ու ջանք կը ներդնեն աշակերտին մէջ կեանքի հունտերը սերմանելու համար: Պէտք է գիտակցիլ նոր սերունդի կրթութեան ու անոնց մէջ ազգային դաստիարակման ոգին ներշնչելու: Այսօր, Վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ, Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակչուհի՝ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանի գլխաւորութեամբ, պատրաստած էին յայտագիր մը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին: Ինչպէս նաեւ, գեղեցիկ ժեստով մը, վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումը սիրոյ սեղան պատրաստելով ուսուցիչներուն համար, սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ կարգ մը աշակերտներու ծնողներու կողմէ ղրկուած կարկանդակներու հատում, ինչպէս նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան կողմէ փոխանցուեցաւ գեղեցիկ յուշանուէրներ: Վարձքը կատար բոլորին։

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي