Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահը ողողուած էր ներկաներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին վայելելու դասական եւ ժողովրդական հայ երգ ու պարի փառատօնը, նուիրուած Երեւան քաղաքի 2800 ամեակին։