Ապրիլ 25-ին վարժարանիս բակին մէջ տեղի ունեցաւ Գ․ Քառորդի ուսումնական յառաջդիմութեան, գերազանց աշակերտի, բարձր պատուոյ, պատուոյ յիշատակութեան ու վարքի գնահատումի միջոցառում։ Հպարտ ենք մեր աշակերտութեան յառաջադէմ արդիւնքներով։