Երկուշաբթի 30 Ապրիլ 2018ին տեղի ունեցաւ վարժարանիս «Մարզական Օր»ը մանրամարզի դասատու Պրն. Վաչէ Պուլտուքեանի կազմակերպութեամբ, ուր կայացան զանազան տեսակի մրցաշարքեր։ Իսկ վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբի պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ ուտեստեղենի, անուշեղէնի ու զովացուցիչ ըմպելիներու վաճառք։ Օրուան աւարտին Վարժարանիս տնօրէնուհին յաղթական խումբերուն եւ աշակերտութեան բաժնեց մետալներ եւ գնահատագիրներ։