ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԵՍՈՒՉ ԱՐԺ. ՀԱՅՐ ԳԱՐԵԳԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Հնգ, 3 Մյս 2018

26-30 Ապրիլի միջեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Արժանապատիւ Հայր Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան այցելեց Լիբանան: Համեմատաբար կարճ կեցութեան ընթացքին, Հոգեշնորհ Հայրը առիթ ունեցաւ ծանօթանալու   հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան:

Իր հանդիպումներուն ընթացքին, Հոգեշնորհ Հայրը փոխանցեց Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութիւնը լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու տնօրէնութեանց, կրթական մարզի ծառայողներուն եւ աշակերտութեան:

Հոգեշնորհ Հայրը զրուցեց խրատական նիւթերու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի առաքելութեան  շուրջ: Յատկապէս անդրադարձաւ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն, կրթական նուաճումներուն, լուսարձակի տակ առնելով ճեմարանի դաստիարակչական եւ կրթական կառուցամասերը եւ տեղեկութիւններ  փոխանցեց անոր շնորհած  տիտղոսներուն՝  Bachelors, Masters, PHD աստիճաններուն մասին: Հոգեշնորհ Հայրը ընդգծեց, թէ Հոգեւոր ճեմարանը բաց է Աստուածաբանական գիտութեան եւ հոգեւոր դաստիարակութեան ծառաւ բոլոր երիտասարդներուն առջեւ՝ իբրեւ մարդակերտում, հոգեւոր անհատի կերտում եւ Masters-ը իբրեւ մասնագիտացում:

Հայր Սուրբը մեծապէս  գնահատեց հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ մատուցուող հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւնը՝ Հայաստանէն դուրս  գտնուելով եւ ապրելով հանդերձ, անոնք պատրաստ են հայրենաշինութեան եւ կ'ապրին հայրենիքին նուաճումներով եւ վերելքով, իբրեւ արժանաւոր եւ հաւատացեալ հայեր, հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակներ:

 


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي