Վկայագիրներու եւ յուշամետալներու տուուչութիւն ՀՀ դեսպանատան մէջ
Երք, 8 Մյս 2018

Ուրբաթ 4 Մայիս 2018ին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, նախաձեռնութեամբ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ուր վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան֊Նաճարեանին յանձնուեցաւ վկայագիր եւ յուշամետալ, ձեռամբ ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի որպէս վարժարանիս ժրաջան Տնօրէնուհի, իսկ ուսուցչուհիներէն Օրդ. Սիլվա Պոզոյեանին վարժարանիս մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան համար։ Սոյն արարողութեան ներկայ էին վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամ Տիար Պերճ Արապեան։


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي