Երէկ, վարժարանիս նախակրթարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարանէն աշակերտներ մասնակցեցան ՀԲԸՄ Լիբանանի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական արտասանական եւ նկարչական մրցոյթին, որ նուիրուած էր Սարդարապատի Հերոսամարտին եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100 ամեակներուն եւ յուշանուերներով ու գնահատագրերով վերադարձան վարժարան։