Երկուշաբթի 21 Մայիս 2018ին վարժարանիս սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վերջին զանգի նշումը, ուր Միջն. Գ դասարանի աշակերտները յուզումով արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը վերյիշելով դպրոցական կեանքի ուղին որմէ անցան դասընկերներով միասին։ Ապա ջահը փոխանցեցին Միջն. Բ դասարանի աշակերտներուն։