Հինգշաբթի 24 Մայիս 2018-ի առաւօտուն Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները առնելով իրենց գլխարկներն ու ջրամանները, դուրս ելլելով իրենց դասարաններէն ուղուեցան դէպի "Քարազ" խաղավայրը ուր շատ հաճելի ժամեր անցուցին իրենց սիրելի ուսուցչուհիներուն հետ։