Յիշատակելի օր մը վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբին համար
Ուր, 1 Հնս 2018
Ծառայութիւն մատուցելը մարդու համար առաքինի շնորհք է: Ան կը բարձրացնէ անձին զոհաբերութեան ոգին: Սոյն ոգիով տոգորուած, վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբը անսակարկօրէն նուիրուած է անոր հոգատարութեան:
 
31 Մայիս 2018 յիշատակելի օր մըն էր վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբին համար, քանի որ անոր ժրաջան տիկիններէն՝ Սեւան Բարսեղեան եւ Երան Շարպրաշեան ճամբորդութեան պատճառով պիտի մեկնին Լիբանանէն, եւ առ այդ, վարժարանիս տնօրէնութիւնը պատշաճ ձեւով  պատուեց եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي