Մեր շատ սիրելի աշակերտները՝ Ժանօ, Արամ և Արնօ Բարսեղեանները երէկ հրաժեշտ տուին իրենց սիրելի դպրոցին, դասընկերներուն ու ուսուցչուհիներուն։ Անոնք խոստացան բնաւ չմոռնալ այն գեղեցիկ դպրոցական օրերը որ անցուցին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս։ Յաջողութիւն և բարի ճանապարհ կը մաղթենք մեր փոքրիկներուն։