Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարան
Հնգ, 7 Հնս 2018
Վարժարանս այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութենէն՝ Օրդ. Էլիզ Գէորգեան (Հայրենադարձութեան եւ Հետազօտութիւններու վարչութեան, Հետազօտութիւններու բաժնի պետ) եւ Սոնա Մկրտչեան (Տեղեկատուութեան եւ Հեռահաղորդակցութեան վարչութեան անդամ)։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ անդամներ վարժարանիս հոգաբարձութեան։ Հիւրերուն ներկայացուեցաւ դպրոցի կառոյցը, որուն ընդմէջէն տեղի ունեցաւ կարճ զրոյց մը լուսաբանելով անոր ներկայ հարցերը։ Անոնք անդրադարձան վարժարանիս ու հայրենիքին հետ հաստատուած կապերու մասին։ Արծարծուեցան նաեւ Լիբանան֊Հայաստան յարաբերութեան  հետ առնչուող նիւթեր։
 

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي