23 Մայիս 2018֊ի, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, օժանդակութեամբ վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբին կազմակերպեց Մայրերու օրը: Օր մը՝ երբ կանգ կ'առնենք արժեւորելու մեր մայրերն ու մեծ մայրերը արտայայտելու համար մեր սէրն ու յարգանքը, որոնք գլխաւոր սիւնը եղած են հայ ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթին: Տօնի գլխաւոր նպատակն է հիմնաւորել հայ կնոջ կերպարը, ցանկանալով որ բոլոր հայ կանայք զգան մայրութեան բերկրանքը, որովհետեւ հայ կնոջ դերը կենսական եղած է ազգապահպան հարցին մէջ: