Կիրակի 10 Յունիս 2018-ի, առաւօտեան ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ անդամներու, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի եւ անդամներու, վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներու եւ հիւրերու։ Հրամցուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը նշանաբան ունենալով Յովհաննէս Թումանեանի «Ամենալաւ Տունը» հեքիաթը, ապա կատարուեցաւ վկայականի բաշխում։