«Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի» ծրագրի փակման պաշտօնական հանդիսութիւն
Ուր, 29 Հնս 2018
2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի խումբ մը ուսուցիչներ, մասնակցեցան Հայկազեան Համալսարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի կողմէ համատեղ կազմակերպած «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի» ծրագրին: Սոյն ծրագիրը կը մղէր Հայ ուսուցիչներուն վերապատրաստել արդի ուսուցման մեթոտներուն, մասնաւորապէս կեդրոնանանլով Քննական Մտածողութեան ուսումնաձեւի որդեգրման մէջ: 
Արդարեւ, վերոնշեալ ծրագիրներու բարեյաջող աւարտէն ետք, երէկ՝ 27 Յունիս 2018-ին տեղի ունեցաւ փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը Հայկազեան Համալսարանի Heritage պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի վարիչ տնօրէն՝ Տիար Ռազմիկ Փանոսեանի, Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի, ծրագրի կազմակերպիչներու, վարժարաններու տնօրէններու եւ ուսուսուցիչներու:

Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي