Սփիւռքահայ գրականութեան եզակի ու անզուգական բանաստեղծ, հայ մտքի հայրենակերտման հոգեհայր ու միտք բանի շինարար գլխագիր Մարդ՝ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140 ամեակը կը զուգադիպի այս տարի: Հետեւաբար, ազգապահպանումի ջանքերուն ընդհանուր յառաջխաղացքին մէջ կարեւոր, մեծ իրագործում մըն է անտարակոյս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջն. վարժարանը: Ան կանգնած է այսօր բարձրաճակատ ու հպարտ, որպէս վկայութիւն շինարար եւ ուսումնատենչ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին:
Հովանաւորութեամբ Վարժարանիս հոգաբարձութեան, Շաբաթ 30 Յունիս 2018, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, զայն նուիրելով անզուգական բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140 ամեակին: Ներկայ էին անդամներ ԹՄՄ հիմնադիրներու Մարմինէն, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն, Վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան ու անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր: