Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած, Մայիսեան հերոսամարտի եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադրութեան 100րդ ամեակին նուիրուած «Սարդարապատից Արցախ» խորագրով համահայկական շարադրական մրցանքին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի միջնակարգ դասարանի աշակերտները մասնակից դարձան իրենց շարադրութիւններով։ Սոյն միջոցառման մասնակցող աշակերտներէն՝ Վարդի Սալխանեան(միջն. Գ) եւ Նուշիկ Զատիկեան ( միջն. Ա) յաղթելով արժանացան խրախուսական շնորհակալագրերու առաւել գրքոյկի, որուն մէջ տեղ գտած էին իրենց շարադրութիւնները։ Ջերմապէս կը շնորհաւորենք մասնակից մեր աշակերտներն ու մրցանակի արժանացողները: