Գերաշնորհ՝
Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին ու Թէքէեանի մեծ ընտանիքի անունով, ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհաւորանքները Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի ընտրութեան ուրախ առիթով:
Հայ համայնքի լայն շրջանակներու աջակցութեամբ, պատասխանատու այս պաշտօնին կոչուեցաք, երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ:
Լիայոյս ենք, որ նախանձախնդիր ու հետեւողական ջանքերով պիտի նպաստէք գաղութիս կայունութեան հաստատման եւ մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման՝ յանուն Լիբանանահայ գաղութի գոյատեւման ու առաջընթացին:
Մեծ գոհունակութիւն է, որ Ձերդ սրբազնութիւնը եղած է նաեւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի սան:
Այս ուրախ առիթով կը մաղթենք Ձեզի ուժ, կորով, արեւշատութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:
Որդիական խոնարհութեամբ մատչիմք ի համբոյր Ձերդ Սրբազնութեան Սուրբ Աջոյն:
Ի դիմաց՝
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Կալինա Նաճարեան Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան
Տնօրէնուհի Հոգաբարձութեան Ատենապետ