Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ Վարժարանին ուսումնական 68-րդ տարեշրջանի առաջին զանգը հնչեց, Երկուշաբթի 24 Սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30ին, իր յարկին տակ համախմբելով աշակերտները, ազդարարելով ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբը:
Հայ աշակերտին երկրորդ տունը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը, միշտ եղած է ու կը մնայ հայ կրթութեան, լուսաշող ապագայի կերտման դարբնոցը: