Վարժարանիս նախակրթարան Ա, Բ եւ Գ դասարաններու ծրագիրներու ծանօթացում։
Չրք, 26 Սպտ 2018

Այսօր՝ 26 Սեպտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 8էն 10-ը տեղի ունեցաւ վարժարանիս նախակրթարան Ա, Բ եւ Գ դասարաններու ծրագիրներու ծանօթացում, ուր բծախնդրօրէն ծնողներուն բացատրուեցաւ վարժարանիս մէջ գործող արդի դաստիարակչական ուսուցման տարբեր ձեւերը կիրառկելով փոխ-գործօն գրատախտակներ։ Հանդիպումի ընթացքին տնօրէնուհին բացատրեց վարժարանիս կարգ ու կանոնը, տարազ կրելու, ինչպէս նաեւ աշակերտին ուրախ միջավայր ստեղծելու կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ծնողներուն առիթ տրուեցաւ մօտէն հետաքրքրուելու իրենց զաւակներու տան պարտականութիւններով ու դասարանային աշխատանքներով։ Անոնք նաեւ վայելեցին վարժարանիս ջերմ ու հիւրասէր մթնոլորտը:


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي