Հայրենիքը կը կառուցենք միասնական ճիգերով, խճանկարները իրարու միացնելու համար պէտք է կամք, հաւատամք ու զօրութիւն, քայլելու համար դէպի միասնական հայրենիք՝ Հայաստան աշխարհ։ Մենք ուժեղ ենք միասին։ Հայերէն դասապահի ընդմէջէն, Միջն. Ա դասարանի աշակերտները ծանօթացան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածութեան, վարչական շրջաններուն եւ անոնց քաղաքներուն։