Ուրբաթ՝ 9 Նոյեմբեր 2018-ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց դպրոցական ժամերը անցուցին ծնողներուն հետ։ Օրուան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալու մանկապարտէզէն ներս ձեռք բերուած արդի դաստիարակչական մեթոտներուն և ուսուցման ձեւին։