Վարժարանիս աշակերտութիւնը 26 Նոյեմբեր 2018֊ին (Մանկապարտէզէն մինչեւ Միջն. Գ դասարան) ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բակին մէջ կազմակերպուած «Հայ Գիրքի 39֊րդ ցուցահանդէսին»։ Աշակերտները հրապուրուած նորատիպ եւ հին գիրքերու ու տպագրութիւններու բազմազանութեամբ, կատարեցին գնումներ իրենց համար նախատեսուած գիրք֊գրականութիւնէն, ապա կազդուրիչ եւ ուրախ տպաւորութիւններով վերադարձան դասարանները, կիսելու համար իրենց զգացումները դաստիարակներուն հետ։