Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի հրաւէրով, մեր աշակերտները (Ա-էն 6-րդ դասարաններու ) ներկայ գտնուեցան "Fantastic World "-ի կազմակերպած գեղարուեստական յայտագիրին, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018- ին Միշէլ Մըրի մարզահամալիրի սրահին մէջ: