Այսօր, Չորեքշաբթի 13 Փետրուար 2019-ին մանկապարտէզի փոքրիկները դիտեցին Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայման յատուկ մանկական տեսերիզ մը, ապա մէկական մոմեր բռնած՝ իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի լոյսին,իրենց դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ իջան շրջափակ ու դարձան աւանդական խարոյկին շուրջ։