Երկուշաբթի 25 Փետրուար 2019-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բ. Քառորդի գնահատանքի գիրերու տուչութիւնը: Հետեւաբար Նախ.Ա.-էն Միջն. Գ. դասարաններու կարգ մը աշակերտներ գնահատանքի գիր ստացան Բ. Քառորդի ընթացքին Գերազանց Միջին,Վարքի Առաջնութիւն եւ Ուսումնական Յառաջդիմութիւն արձանագրելու պատճառով: ինչպէս նաեւ կարգ մը դասարաններ արժանացան Կարգապահութեան, Մաքրասիրութեան եւ Ուսումնական Յառաջդիմութեան դրօշակներու: կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները: