Չրք, 27 Փտվ 2019
Չորեքշաբթի 27 Փետրուար 2019-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ " Վարդանանց" տօնակատարութիւն ներկայութեամբ` Տիար Սարգիս Նաճարեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ` Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի, տնօրէնութեան, ծնողներու եւ ներկաներու: Մեր աշակերտները ներկայացան գեղեցիկ յայտագիրով մը, անգամ մը եւս փաստելով, որ անոնք արժանի ժառանգորդներն են հայրենիքի եւ կրօնքի համար նահատակուած հերոսներուն, տէր դառնալով իրենց լեզուին, քրիստոնէական հաւատքին եւ հայրենասիրութեան: