Ուսուցչաց Տօնը Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանին մէջ։
Ուր, 8 Մրտ 2019

Ուսուցիչը, այն առաքինի էակն է, որ ոչ միայն գիտելիքով կը սնուցանէ աշակերտը, այլ անոր մէջ կը վառէ այն ջահը, որ պիտի լուսաւորէ իր ողջ կեանքին ընթացքը։ Շատ կարեւոր է, թէ որու ձեռքերուն մէջ կը գտնուի այդ բանալին, որ պիտի բանայ մեր ուսանողներուն ապագայի ճանապարհը։
Հինգշաբթի 7/3/2019 -ին, Վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ուսուցչաց տօնին նուիրուած աշակերտական հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն, առաջնորդութեամբ դաստիարակչուհի՝ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանին,   որոնք պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:
Նոյն օրը վարժարանիս հոգաբարձութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշկերոյթ ԱԲՕ ճաշարանին մէջ։ Վարձքը կատար բոլորին։


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي