Այս տարի կը լրանայ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 յոբելենական ամեակը։
Բազմաթիւ գաղթօճախներու մէջ կազմակերպուեցան զանազան միջոցառումներ։
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանը անմասն չմնալով, նախ. եւ միջն. դասարաններու աշակերտները, իրենց հայերէնի դասատուներու առաջնորդութեամբ, հայերէնի դասապահերու ընդմէջէն կարդացին Թումանեանի զանազան բանաստեղծութիւնները եւ հեքիաթները, ինչպէս նաեւ դիտեցին անոր հեքիաթներու տեսերիզները։