Երեքշաբթի 26 Մարտ, 2019-ին` Նախ.Բ. դասարանի աշակերտներուն հերթն էր, շաբաթական դրութեամբ տեղի ունեցող ուտելիքի վաճառքին: Անոնք եռանդով վաճառեցին համադամ կրկնեփուկները, որոնք պատրաստուած էին իրենց մայրերուն կողմէ: Վարձքը կատար բոլորին: