Մանկական գիրքի միջազգային օրը սկսած է նշուիլ 2 Ապրիլ 1967֊էն ի վեր, ի պատիւ Տանիմարքացի արձակագիր և բանաստեղծ, աշխարհահռչակ հեքիաթագիր՝ Հանս Քրիսթիան Անտըրսընի (Hans Christian Andersen), որ ծնած է 1805 Ապրիլ 2ին: Այս աւանդութիւնը խթանիչ ոյժ դարձած է հեքիաթներու ընթերցանութեան՝ աշխարհի ազգերու մանուկներուն կեանքէն ներս։ Արդարեւ, այդ երեւոյթը մեծ դեր խաղցած է երեխաներու մտային աճման եւ ստեղծագործ մտքի զարգացման մէջ:
Վերոնշեալ միջազգային օրուան առիթով, Վարժարանիս նախակրթարանի աշակերտները, իրենց լեզուի դասապահերը անցուցին հաստատութեանս գրադարանէն ներս, ընթերցելով զանազան մանկական հեքիաթներ: