Երեքշաբթի 16 Ապրիլ 2019֊ին, Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմն ու աշակերտութիւնը ուղղուեցան Պիքֆայայի Սրբ. Աստուածածնի Դպրեվանք, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 104 ամեակը։ Տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ յայտագիր, Դպրեվանքի Բրաբիոն Տումանեան հանդիսասրահէն ներս, որմէ ետք շրջեցան շրջաբակին մէջ։ Վերջապէս թարմ ծաղիկներ զետեղեցին Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ։