Չորեքշաբթի 17 Ապրիլ 2019֊ին, առաւօտուն աշակերտները ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր հաղորդուեցան Քրիստոսի սուրբ արեամբ եւ մարմնով, որմէ ետք հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կողմէ։ Ապա վերադարձան դպրոց եւ Վարժարանիս Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ սուբ Զատկուան տօնակատարութիւնը զանազան խաղերով, որմէ ետք հրամցուեցաւ ճաշ ազգային բարերարի մը նախաձեռնութեամբ։ Աւարտին, աշակերտները նուէրներ ստացան Վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբին կողմէ։