Ուրբաթ 10 Մայիս 2019֊ին, վարժարանիս նախակրթարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարանէն աշակերտներ մասնակցեցան ՀԲԸՄ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած միջդպրոցական արտասանական եւ նկարչական մրցոյթին։ Անոնք յուշանուէրներով վերադարձան դպրոց։ Ջերմապէս կը շնորհաւորենք մեր աշակերտներուն պատուաբեր մասնակցութիւնը, ի մասնաւորի նախ. Ե դասարանի աշակերտուհի՝ Վալերիա Տոմպուրեանը, որ արժանացաւ նկարչութեան 3րդ մրցանակին։