Մայրերու Տօնը Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ
Ուր, 17 Մյս 2019

17 Մայիս 2019֊ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, օժանդակութեամբ վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբին կազմակերպեց Մայրերու օրը: Անոնք արժեւորեցին հայ մայրերն ու մեծ մայրերը՝ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւններով, որոնք գլխաւոր սիւնը եղած են հայ ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ մշակոյթին: Տօնին գլխաւոր նպատակն է գնահատել հայ կնոջ կերպարը, որովհետեւ հայ կնոջ դերը կենսական եղած է ազգապահպան հարցին մէջ: Վարժարանիս աշակերտութեան կողմէ հրամցուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي