Երեքշաբթի 21 Մայիս 2019ին վարժարանիս սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վերջին զանգի նշումը, ուր Միջն. Գ դասարանի աշակերտները յուզումով արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը վերյիշելով դպրոցական կեանքի ուղին որմէ անցան դասընկերներով միասին։ Ապա ջահը փոխանցեցին Միջն. Բ դասարանի աշակերտներուն, որմէ ետք միասնական պար բռնեցին եւ հատեցին խորհդանշական կարկանդակը։ Բարի երթ կը մաղթենք մեր Միջն. Գ դասարանի աշակերտներուն եւ յաջողութիւն Լիբանանեան պետական Պրէօվէի քննութեանց մէջ։