Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին ու ամավերջի քննութիւններէն առաջ, վարժարանիս նախ. Ա.- Միջն. Բ դասարաններու աշակերտները ունեցան իրենց տարեվերջի պտոյտը Շպէնիյէի գեղատեսիլ բնութեան հանգստավայրին մէջ։ Անոնք ուրախ եւ կազդուրիչ մթնոլորտի մէջ անցուցին հրաշալի պահեր: