2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, 2 Յուլիս 2019ին վարժարանիս Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեշրջանիս ծնողական վերջին հանդիպումը։ Տնօրէնուհին փոխանցեց վարժարանիս ընթացաւարտ ուսումնական տարուան լայնածաւալ գործունէութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վիճակացոյցներու եւ մրցանակներու յանձնում։