Հիմնադիր եւ Վաստակաշատ Տնօրէն՝ Մեծարգոյ Տիար Երուանդ Պապայեանի Մեծայարգ Զաւակ՝ Տիար Ներսէս Պապայեանի Այցը
Շբթ, 7 Սպտ 2019

Ուրախալի եւ հպարտալի երեւոյթ է,  երբ Վարժարանս կ՛ունենայ այցելութիւններ աշխարհով մէկ տարածուած թէքէեանցիներու, ազգայիններու եւ բարերարներու կողմէ, որոնք անվերապահօրէն սատար կը հանդիսանան անոր վերելքին։ 
Արդարեւ, Սեպտեմբեր  5-ին վարժարանս այցելեց Անոր հիմնադիր եւ վաստակաշատ Տնօրէն՝ Մեծարգոյ Տիար Երուանդ Պապայեանի մեծայարգ զաւակ՝ Տիար Ներսէս Պապայեանը,  ընկերակցութեամբ ԹՄՄի հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ Տիար Յակոբ Գասարճեանի եւ Վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի։  Մեծայարգ բարերարը այցելեց կարգ մը դասարաններ եւ ունեցաւ հաճելի զրոյց Վարժարանիս տնօրէնութեան հետ, մօտէն հետաքրքրուելով վարժարանիս կրթադաստիարակչական ընթացքներուն մասին: 
Բարերարը նաեւ տեղեկացաւ վարժարանիս նորանոր ծրագիրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին, ապա խանդավառութեամբ կատարեց իր համեստ նիւթաբարոյական ներդրումը, սատարելով ապագայի զարգացման ծրագիրներուն։


Անուն
Վերնագիր
Մեկնաբանութիւն

  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي