«Կը սլանանք գիտութեան կանթեղներով համալրուած, լուսաւոր բարձունքին հասնելու համար» նշանաբանով այսօր ազդարարուեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի 69֊րդ ուսումնական տարեշրջանը, անոր գիրկը հաւաքելով նախակրթարանի եւ միջնակարգի հին եւ նոր աշակերտները՝ գիտութեան ծարաւ մեր քաջարի զինուորները։ Ուստի բարի գալուստ կը մաղթենք եւ բարի երթ մեր փոքրիկներուն։