11 Հոկտեմբեր,2019-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ "Թարգմանչաց" տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ` Հոգեշնորհ Տէր Վիգէն Վարդապետ Տալգըլըճեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ` Տիար Պերճ Արապեանի եւ ծնողներու: Մեր աշակերտները իրենց ներկայացումներով պանծացուցին Թարգմանչաց հայրապետներուն անմար յիշատակը: