Ուրբաթ 6 Դեկտեմբեր, 2019-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի նուիրուած ձեռնարկ ներկայութեամբ` ազնուափայլ Տիկ. Մարալ Հովիւեանի, ԹՄՄ տեղական վարչութեան փոխ ատենապետի` Տիար Վաչէ Տօնէրեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ` Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներու, հիւրերու եւ ծնողներու: Մեր աշակերտները ներկայացան կոկիկ յայտագրով մը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, կանխահաս մահով մեզմէ հեռացած Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի: