Երկուշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2019֊ին մեր փոքրիկներուն ուրախութիւնը անսահման էր մանկապարտէզէն ներս։ Անոնք միասնաբար խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, երգեցին կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի երգեր, պարեցին, մասնակցեցան խաղերու եւ ստացան նուէրներ։ Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբին կողմէն հրամցուեցաւ ճաշ։ Յիշատակելի նկարահանումէ ետք փոքրիկները տուն վերադարձան իրենց պատրաստած ձեռայիններով։