Այսօր, առաւօտեան վարժարանիս աշակերտութիւնը հաղորդուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի արեամբ եւ մարմնով, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնք վերադարձան դպրոց ուր իրենց հրամցուեցաւ ուտեստեղէն պատրաստուած վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբին կողմէ։ Հետեւաբար, անոնք բարձրացան Պարսամեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան յատուկ աշակերտական խրախճանքը։